Jump to content

Կրեթա Կարպօ

Կրեթա Կարպօ
անգլերէն՝ Greta Garbo
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Greta Lovisa Gustafsson[1]
Ծնած է 18 Սեպտեմբեր 1905(1905-09-18)[2][3][4][…]
Ծննդավայր Katarina church parish, Սթոքհոլմ, Ստոկհոլմի լեն, Շուէտ[2]
Մահացած է 15 Ապրիլ 1990(1990-04-15)[5][6][7][…] (84 տարեկանին)
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[8]
Քաղաքացիութիւն  Շուէտ և  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Կրօնք Լուտերականութիւն
Ուսումնավայր Dramatens elevskola?
Ազդուած է Henry G. Bieler?
Մասնագիտութիւն դերասանուհի, կինոդերասանուհի, թատրոնի դերասանուհի և պարող
Ծնողներ հայր՝ Karl Alfred Gustafsson?[2], մայր՝ Anna Lovisa Johansdotter?[2]
Կայքէջ www.gretagarbo.com​(անգլերէն)
Ստորագրութիւն

Կրեթա Կարպօ (շուէտ.՝ Greta Lovisa Gustafsson, 18 Սեպտեմբեր 1905(1905-09-18)[2][3][4][…], Katarina church parish, Սթոքհոլմ, Ստոկհոլմի լեն, Շուէտ[2] - 15 Ապրիլ 1990(1990-04-15)[5][6][7][…], Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[8]), շուէտցի դերասանուհի[9]։ Յայտնի դարձած է 1920-1930-ական թուականներուն։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրեթա Կարպօ ծնած է Սթոքհոլմ։ Ան առաջատար աստղ մըն էր Հոլիվուտի համր եւ վաղ ոսկեդարեան շրջաններուն: Նկատուելով բոլոր ժամանակներու մեծագոյն դերասանուհիներէն մէկը՝ ան ծանօթ է իր մելամաղձոտ ու մռայլ էկրանային կերպարով, ողբերգական կերպարներու իր մարմնաւորումներով եւ իր նուրբ ու զսպուած խաղարկութեամբ: 1999-ին, Ամերիկեան Ֆիլմի Ինստիտուտը (AFI) Կարպոն դասեց հինգերորդ տեղը՝ դասական Հոլիվուտի կինոյի մեծագոյն դերասանուհիներու իր ցանկին մէջ:

Կարպօ իր ասպարէզը սկսաւ երկրորդական դերով մը՝ 1924-ի շուէտական «Կէօսթա Պերլինկի Ոդիսականը» (The Saga of Gösta Berling) ֆիլմին մէջ: Իր խաղարկութիւնը գրաւեց Metro-Goldwyn-Mayer (MGM) ընկերութեան ղեկավար Լուի Պ. Մայէրի ուշադրութիւնը, որ զինք Հոլիվուտ բերաւ 1925-ին: Ան հետաքրքրութիւն շարժեց իր ամերիկեան առաջին համր ֆիլմով՝ «Յորդանք» (Torrent, 1926): Կարպոյի խաղարկութիւնը «Մարմինն ու Սատանան» (Flesh and the Devil, 1926) ֆիլմին մէջ, որ իր երրորդ ֆիլմն էր Միացեալ Նահանգներու մէջ, զինք վերածեց միջազգային աստղի[10]: 1928-ին Կարպօ նկարահանուեցաւ «Սիրային Գործերով Կին Մը» (A Woman of Affairs) ֆիլմին մէջ, որ զինք մղեց դառնալու MGM-ի ամէնէն շատ հասոյթ ապահովող աստղը՝ գերազանցելով երկար ատեն տիրապետող Լիլիան Կիշը: Համր շրջանի Կարպոյի այլ ծանօթ ֆիլմերէն են՝ «Խորհրդաւոր Տիկինը» (The Mysterious Lady, 1928), «Միակ Չափանիշը» (The Single Standard, 1929) եւ «Համբոյրը» (The Kiss, 1929):

Կարպոյի առաջին ձայնաւոր ֆիլմով՝ «Աննա Քրիսթի» (Anna Christie, 1930), MGM-ի շուկայավարները հանրութիւնը հրապուրեցին «Կարպօ՛ն կը խօսի» կարգախօսով: Նոյն տարին ան նկարահանուեցաւ «Ռոմանս» (Romance) ֆիլմին մէջ, եւ երկու ֆիլմերուն մէջ իր դերակատարումներուն համար ստացաւ Լաւագոյն Դերասանուհիի Օսքար մրցանակի իր առաջին զուգորդուած առաջադրումը (ընդհանուր երեք առաջադրումներէն): Մինչեւ 1932 թուականը, իր հսկայական յաջողութիւնը առիթ տուաւ իրեն՝ ինք պայմաններ դնելու իր պայմանագրերուն մէջ, եւ ան հետզհետէ աւելի ընտրողական դարձաւ իր դերերուն նկատմամբ: Ան շարունակեց նկարահանուիլ այնպիսի ֆիլմերու մէջ, ինչպիսին են՝ «Մաթա Հարի» (Mata Hari, 1931), «Սուզան Լենոքս» (Susan Lenox [Her Fall and Rise], 1931), «Կրանտ Հոթել» (Grand Hotel, 1932), «Քրիսթինա Թագուհին» (Queen Christina, 1933) եւ «Աննա Քարենինա» (Anna Karenina, 1935):

Շատ մը քննադատներ եւ կինոյի պատմաբաններ անոր խաղարկութիւնը՝ դժբախտ կուրթիզանուհի Մարգարիտ Կոթիէի դերին մէջ (« Քամելիազարդ Տիկինը» / Camille, 1936), կը նկատեն իր լաւագոյնը, եւ այդ դերը իրեն բերաւ Օսքարի երրորդ առաջադրումը: Այսուհանդերձ, Կարպոյի ասպարէզը ի վերջոյ անկում ապրեցաւ, եւ 1938-ին ան դարձաւ այն բազմաթիւ աստղերէն մէկը, որոնք որակուեցան իբրեւ «տոմսարկղի թոյն» (ամէնէն քիչ հասոյթ ապահովող): Իր ասպարէզը վերազարթնում ապրեցաւ կատակերգութեան անցնելով՝ «Նինոչքա» (Ninotchka, 1939) ֆիլմով, որ իրեն ապահովեց Օսքարի չորրորդ առաջադրումը: «Երկերեսանի Կինը» (Two-Faced Woman, 1941) ֆիլմը, որ վատ գրախօսականներ ստացաւ, եղաւ իր 28 գեղարուեստական ֆիլմերէն վերջինը: Այս առեւտրական ձախողութենէն ետք, իրեն շարունակեցին ֆիլմի դերեր առաջարկել, թէեւ ան մերժեց անոնց մեծ մասը: Այն դերերը, որոնք ան ընդունեց, իրականութիւն չդարձան՝ կա՛մ նիւթական միջոցներու պակասի պատճառով, կա՛մ ալ որովհետեւ ան հրաժարեցաւ նկարահանման ընթացքին: 1954-ին Կարպօ պարգեւատրուեցաւ Օսքարի Պատուոյ Մրցանակով՝ «իր փայլուն եւ անմոռանալի էկրանային դերակատարումներուն համար»[11]:

Ժամանակի ընթացքին, Կարպօ մերժեց էկրան վերադառնալու բոլոր առիթները: Իր հանգստեան կոչուելէն ետք, ան հեռու մնաց հանրային ուշադրութենէն, ապրեցաւ առանձնացած կեանք եւ դարձաւ արուեստի գործերու հաւաքորդ, որուն նկարներու հաւաքածոն կը ներառէր Փիէր-Օկիւսթ Ռընուարի, Փիէր Պոնարի եւ Քէյս վան Տոնկենի գործերը: Թէեւ ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին հրաժարեցաւ իր բարեկամներուն հետ խօսիլ ասպարէզը թողուլու պատճառներուն մասին, իր մահէն չորս տարի առաջ ան շուէտացի կենսագիր Սվեն Պրոմանին ըսաւ. «Յոգնած էի Հոլիվուտէն: Չէի սիրեր իմ աշխատանքս: Շատ օրեր կային, երբ ստիպուած էի ինքզինքս պարտադրել փորձանոց (studio) երթալու... Իսկապէս կուզէի ուրիշ կեանք մը ապրիլ»[12]:

1984-ին Կարպօ յաջողութեամբ բուժուեցաւ կրծքագեղձի քաղցկեղէ[13]: Իր կեանքի աւարտին, միայն Կարպոյի մօտիկ բարեկամները գիտէին, որ ան շաբաթական երեք անգամ, վեցժամեայ երիկամային լուծազատման բուժումներ կը ստանար Նիւ Եորքի հիւանդանոցի Ռոկոզին Ինստիտուտինմէջ: 1990-ի սկիզբը լրատուամիջոցներուն մէջ լուսանկար մը հրապարակուեցաւ, ուր կը տեսնուէր, թէ ինչպէս Քոկերը կ'օգնէր Կարպոյին՝ որ ցուպով կը քալէր դէպի հիւանդանոց:

Կարպօ մահացաւ Սուրբ Զատկուան Կիրակի օրը՝ 15 Ապրիլ 1990-ին, 84 տարեկան հասակին, հիւանդանոցին մէջ՝ թոքաբորբի եւ երիկամային անբաւարարութեան հետեւանքով: Տոմը աւելի ուշ պնդեց, որ կեանքի վերջաւորութեան ան կը տառապէր նաեւ ստամոքս-աղիքային եւ ակնաբնային հիւանդութիւններէ:

Կարպոյի մարմինը հրկիզուեցաւ, եւ իր մոխիրը ինն տարի ետք՝ 1999-ին, ամփոփուեցաւ Սքոկսշիւրքոկորտեն գերեզմանատան մէջ, որ կը գտնուի իր ծննդավայր Սթոքհոլմի հարաւային կողմը[14]:

Կարպօ բազմաթիւ ներդրումներ ըրած էր, գլխաւորաբար արժեթուղթերու եւ պարտատոմսերու մէջ, եւ իր ամբողջ 32 միլիոն տոլարի հարստութիւնը (որ կը համապատասխանէ 79,000,000 տոլարի՝ 2025-ին) կտակեց իր զարմուհիին:

Կարպօ միջազգային կինոյի աստղ մըն էր համր շրջանի աւարտին եւ Հոլիվուտի «Ոսկեդար»-ուն ընթացքին, որ դարձաւ էկրանի խորհրդանիշ: Իր ասպարէզին մեծ մասին ընթացքին, Կարպօ Metro-Goldwyn-Mayer-ի ամէնէն բարձր վարձատրուող աստղն էր, ինչ որ զինք երկար տարիներ դարձուց ընկերութեան «առաջնակարգ հեղինակաւոր աստղը»: Իր մահէն ետք, Los Angeles Times-ը հրատարակեց դամբանական մը՝ զինք կոչելով «ամէնէն հրապուրիչ, կենսունակ, եւ այնուամենայնիւ ինքնամփոփ կերպարը, որ զարդարած է շարժանկարի էկրանը»: 1990 Ապրիլին Washington Post-ի դամբանականին մէջ նշուած էր, թէ «իր ժողովրդականութեան գագաթնակէտին, ան փաստօրէն պաշտամունքային դէմք մըն էր»:

Կարպօ ունէր իր խաղարկութեան մէջ նրբութիւն եւ բնականութիւն մը, որ զինք կը տարբերէր ժամանակաշրջանի միւս դերասաններէն ու դերասանուհիներէն: Համր ֆիլմերու մէջ իր գործին մասին կինոքննադատ Թայ Պըրը ըսած է. «Ասիկա նոր տեսակի դերասան մըն էր. ոչ թէ թատերական դերասան մը, որ ստիպուած էր խաղալու մինչեւ ամէնէն հեռաւոր նստարանները հասնող շեշտադրումով, այլ մէկը, որ կրնար պարզապէս նայիլ եւ իր աչքերով, խոշոր ցուցադրութեան ընթացքին, բառացիօրէն զայրոյթէն անցնիլ վշտի»[15]:

Կինոյի պատմաբան Ճեֆրի Վանսը ըսած է, որ Կարպօ իր կերպարներուն ամէնէն ներքին զգացումները կը փոխանցէր իր շարժումներով, ժեստերով (ձեռքի ու մարմնի շարժումներով) եւ, ամէնէն կարեւորը, իր աչքերով: Ան կը պնդէ, որ աչքերու ամէնէն թեթեւ շարժումով ան նրբօրէն կը փոխանցէր բարդ վերաբերմունքներ ու զգացումներ՝ միւս կերպարներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ իրավիճակին ճշմարտացիութիւնը: «Ան չի խաղար,- ըսած է «Քամելիազարդ Տիկինը» ֆիլմի իր դերակից Ռեքս Օ'Մալին ,- ան կ'ապրի՛ իր դերերը»[16]:

Քլարենս Պրաունը, որ Կարպոյի ֆիլմերէն եօթը ղեկավարած է, հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է. «Կարպօ աչքերուն ետեւ ունէր բան մը, որ չէիր կրնար տեսնել, մինչեւ որ չնկարահանէիր խոշոր ցուցադրութեամբ: Կրնայիր տեսնել մտածումը: Եթէ ան ստիպուած ըլլար մէկուն նայիլ նախանձով, իսկ միւսին՝ սիրով, պէտք չունէր իր դէմքի արտայայտութիւնը փոխելու: Կրնայիր այդ մէկը տեսնել իր աչքերուն մէջ, երբ ան մէկէն միւսին կը նայէր: Եւ ուրիշ ոչ ոք կրցած է այդ մէկը ընել էկրանի վրայ»: Բեմադրիչ Ճորճ Սիտնին (George Sidney) կ՛աւելցնէ. «Կրնաք զայն կոչել զսպուած խաղարկութիւն, բայց այդ զսպուած խաղարկութեան մէջ ան գերազանցեց բոլոր միւսներուն»:

Շատ մը քննադատներ ըսած են, որ Հոլիվուտի մէջ Կարպոյի նկարահանած 24 ֆիլմերէն քիչերը գեղարուեստականօրէն բացառիկ են, եւ շատերը պարզապէս վատ են: Այսուհանդերձ, ըսուած է, որ անոր տիրական եւ հմայիչ դերակատարումները սովորաբար կը յաղթահարեն ծրագրի եւ երկխօսութեան թերութիւնները: Ինչպէս կենսագիրներէն մէկը ձեւակերպած է. «Կինոսէրները Կարպոյի արտադրութենէն միակ պահանջած բանը ինքը՝ Կրեթա Կարպօն էր»:

Կինոյի պատմաբան Էֆրէմ Քաց. «Բոլոր այն աստղերէն, որոնք երբեւէ բորբոքած են հանդիսատեսի երեւակայութիւնը, ոչ մէկը ճառագայթած է Կարպոյի հաւասար հմայք ու խորհրդաւորութիւն: "Աստուածայինը", "յաւերժութեան երազային իշխանուհին", "ֆիլմերու Սարա Պեռնարը" միայն քանի մը գերադրական ածականներ են, որոնք գրողները գործածած են զինք նկարագրելու համար տարիներու ընթացքին... Ան կը մարմնաւորէր հերոսուհիներ, որոնք միաժամանակ զգայական էին եւ մաքուր, մակերեսային եւ խորունկ, տառապող եւ յոյսով լեցուն, աշխարհէն յոգնած եւ կեանք ներշնչող»[17]:

Ամերիկացի դերասանուհի Պէթ Տէյվիս. «Իր բնազդը, իր տիրապետումը տեսախցիկին (մեքենային) նկատմամբ զուտ կախարդանք էր: Չեմ կրնար վերլուծել այս կնոջ խաղարկութիւնը: Միայն գիտեմ, որ ուրիշ ոչ ոք այդքան ազդեցիկ կերպով գործած է տեսախցիկին առջեւ»[18]:

Մեքսիքացի դերասանուհի Տոլորես տել Ռիօ. «Ամէնէն արտասովոր կինը (արուեստի մէջ), որուն հանդիպած եմ իմ կեանքիս ընթացքին: Կարծես ադամանդներ ունենար իր ոսկորներուն մէջ, եւ իր ներքին լոյսը կը պայքարէր դուրս ելլելու իր մաշկի ծակոտիներէն»[19]:

Ամերիկացի բեմադրիչ Ճորճ Քիւքոր. «Ան ունէր տաղանդ մը, որուն քիչ դերասաններ կամ դերասանուհիներ կը տիրապետեն: Խոշոր ցուցադրութիւններու ատեն, ան կու տօր մեծ շարժումի տպաւորութիւնը, պատրանքը: Ան իր գլուխը միայն քիչ մը կը շարժէր, եւ ամբողջ էկրանը կենդանութիւն կը ստանար, ինչպէս զօրաւոր զեփիւռ մը, որ ինքզինք զգալի կը դարձնէր»[20]:

Ամերիկացի դերասան Կրեկորի Փեք. «Եթէ ինծի հարցնէք իմ բոլոր ժամանակներու սիրելի դերասանուհիս, ձեզի պիտի ըսեմ, որ Կրեթա Կարպօն է: Ան իր զգացումները կը յայտնէր տեսախցիկին եւ հանդիսատեսին: Անոնք շատ ճշմարտացի զգացումներ էին: Իմ կարծիքովս, ան "Դերասանական Մեթոտի" վաղ կիրարկողներէն էր: Ան կը զգար այն ամէնը, ինչ որ կ ընէր, եւ ունէր համապատասխան խելացիութիւն... Եւ ատիկա բանալին է հանդիսատեսին համար: Եթէ անոնք կը հաւատան, ուրեմն լաւ երկու ժամեր անցուցած են կինոյի մէջ»[21]:

Ամերիկացի դերասանուհի Քիմ Նովաք. «Գիտէ՞ք, իմ կուռքս... ես պաշտամունք ունիմ Կրեթա Կարպոյի հանդէպ: Ես պարզապէս չափազանց կը սիրէի իր գործը: Ան դարձեալ այնքան իրական էր: Ան ինծի համար ձեւաւորուած չէր: Կրնաք հիմա ալ դիտել իր գործերէն որեւէ մէկը: Ան պարզապէս հրաշալի էր, եւ ինչ որ նոյնպէս կը սիրէի իր մէջ, իր գործին շուրջ եղած խորհրդաւորութեան շունչն էր: Միշտ աւելին կար: Ան ամէն ինչ չէր յայտնէր ձեզի. ան ինքզինք զսպուած կը պահէր, եւ ես ատիկա կը սիրեմ: Ան թերեւս... ան իմ տիպարս էր»[22]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ↑ (unspecified title) — Cinematografo.
  2. 1 2 3 4 5 6 Katarina kyrkoarkiv, Födelse- och dopböcker, SE/SSA/0009/C I/38 (1905), bildid: 00006820_00152 — է. 118.
  3. 1 2 Brockhaus Enzyklopädie — F.A. Brockhaus, 1796.
  4. 1 2 Store norske leksikon — 1978. — ISSN 2464-1480
  5. 1 2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  6. 1 2 Nationalencyklopedin — 1999.
  7. 1 2 filmportal.de — 2005.
  8. 1 2 Deutsche Nationalbibliothek Record #118537571 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  9. ↑ «Historic Newspapers for Sale»։ www.rarenewspapers.com (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2026-08-13
  10. ↑ Vieira 2005, p. 38.
  11. ↑ "The Official Academy Awards Database". Archived from the original on 8 February 2009. Retrieved 13 July 2010.
  12. ↑ Broman 1990, p. 271.
  13. ↑ Greg Gibson (2009). It Takes a Genome: How a Clash Between Our Genes and Modern Life Is Making Us Sick. Upper Saddle River, NJ: FT Press. p. 20. ISBN 978-0-13-713746-6. Archived from the original on 3 April 2024. Retrieved 24 July 2010. The list of famous women who have had breast cancer ...
  14. ↑ Ohlsen, Becky (2004). Stockholm. Melbourne: Lonely Planet. p. 86. ISBN 978-1-74104-172-9. Archived from the original on 3 April 2024. Retrieved 24 July 2010. The Unesco World Heritage-listed graveyard Skogskyrkogården ... is also known as the final resting place of Hollywood actress Greta Garbo
  15. ↑ Cole, Steve (director) (2001). Greta Garbo: A Lone Star (Television production). American Movie Classics. 10:57–11:07. minutes in.
  16. ↑ Cole, Steve (director) (2001). Greta Garbo: A Lone Star (Television production). American Movie Classics. 11:26–11:30. minutes in.
  17. ↑ The Film Encyclopedia: The Complete Guide to Film and the Film Industry
  18. ↑ Davis, Bette (1990) [1962]. The Lonely Life. New York: Berkley Books. p. 116. ISBN 978-0-425-12350-8.
  19. ↑ Hall, Linda (2013). Dolores del Río: Beauty in Light and Shade. Stanford University Press. p. 153. ISBN 978-0-8047-8407-8.
  20. ↑ Long, Robert Emmet (2001). George Cukor: Interviews. Conversations with Filmmakers. Jackson: University Press of Mississippi. p. 47. ISBN 978-1-57806-387-1.
  21. ↑ Peck, Gregory, "Los Angeles Times", November 2000
  22. ↑ Larry King Live: Interview with Kim Novak, 5 January 2004