Jump to content

Անասուններ

Անասուններ, բազմաբջիջ կորիզաւոր կենդանի էակներ[1]։

Անոնք կը սնանին օրկանական նիւթերով, կը շնչեն թթուածին, ունին մկանային բջիջներ, կրնան սեռական բազմացում ունենալ եւ սաղմնային զարգացման ընթացքին կը զարգանան բջիջներու խոռոչաւոր գունդէ մը[2]։

Մինչեւ օրս նկարագրուած են անասուններու աւելի քան 1,5 միլիոն տեսակ, որոնցմէ շուրջ 1,05 միլիոնը միջատներ են, 85, 000-էն աւելի՝ փափկամորթեր, իսկ շուրջ 65,000-ը՝ ողնաւորներ։

Երկրի վրայ կրնայ գոյութիւն ունենալ մինչեւ 7,77 միլիոն անասունի տեսակ։

Անասուններու մարմինի երկարութիւնը կը տատանի 8,5 մկմ-էն (0,00033 մատնաչափ) մինչեւ 33,6 մ (110 ոտք)։ Անոնք ունին բարդ համակարգեր եւ իրարու, ինչպէս նաեւ իրենց միջավայրերուն հետ բազմազան փոխազդեցութիւններ՝ կազմելով խրթին սննդային ցանցեր։ Անասուններու գիտական ուսումնասիրութիւնը կը կոչուի կենդանաբանութիւն:

Պատմականօրէն, Արիստոտէլ անասունները բաժնած էր երկու խումբի՝ արիւն ունեցողներու եւ արիւն չունեցողներու։

Մարդիկ բազմաթիւ անասնատեսակներ կ՚օգտագործեն սնունդի համար՝ ներառեալ միս, ձու եւ կաթնամթերք, ինչպէս նաեւ նիւթեր ստանալու համար՝ օրինակ կաշի, մորթ եւ բուրդ։

Անասուններ կը պահուին նաեւ իբրեւ ընտանի կենդանիներ եւ կը ծառայեն իբրեւ աշխատող անասուններ, մասնաւորաբար փոխադրութեան եւ զանազան ծառայութիւններու մէջ։ Շունը, որ առաջին ընտելացուած անասունը կը նկատուի, օգտագործուած է որսորդութեան, պահպանութեան եւ պատերազմի նպատակներով։ Նոյնպիսի նպատակներով օգտագործուած են նաեւ ձիերը, աղաւնիները եւ որսի թռչունները։ Իսկ ցամաքային եւ ջրային այլ անասուններ որսի ենթարկուած են մարզական նպատակներով, որսորդական աւար կամ տնտեսական շահ ապահովելու համար։

Վայրի անասունները կարեւոր տեղ կը գրաւեն նաեւ մարդկային մշակոյթին մէջ։ Անոնք պատկերուած են քարայրային արուեստի եւ կոթողներու մէջ՝ մարդկութեան հնագոյն ժամանակներէն ի վեր, եւ յաճախ ներկայ են դիցաբանութեան, կրօնի, արուեստի, գրականութեան, զինանշանագիտութեան, քաղաքականութեան եւ մարզաշխարհի մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]